top of page
image_6487327.JPG

Նազելի էբեյան-Նալբանդյան

Ըլլալով տարբեր ժանրի հրատարակութիւններու եւ մամուլի երկարամեայ աշխատակից, եւ ապա հեռուստատեսութեան եւ ռատիօկայանի հայերէն լուրերու խմբագիր եւ հաղորդավար, անձնապէս շփում ունեցած եմ լիբանանահայ կեանքի տարբեր եւ զանազան հատուածներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ քաղաքական, մշակութային, հոգեւոր, բժշկական, կրթական, գործարարական եւ այլն։ Իւրաքանչիւր արուեստագէտի, քաղաքագէտի, մասնագէտի, գրողի, պատմաբանի, տնօրէնի թէ լրագրողի հետ իմ կատարած հարցազրոյցները – ըլլայ հեռուստատեսութեամբ թէ ռատիոյով – մասնագիտական մէկական դասընթացքի համազօր փորձառութիւն եւ գիտելիք շնորհեցին ինծի եւ սերտ կապեր հաստատեցին այդ մարզերուն ներկայացուցիչներուն հետ։
Իսկ որպէս հայերէն լեզուի ուսուցչուհի եւ սկաուտական շարքերուն մաս կազմած միութենական, մեծապէս կը կարեւորեմ նոր սերունդի մասնակցութիւնը այս աշխատանքին եւ անոնց ներդրումը Հանրայինի նախագիծի աշխատանքներուն։ 
Սփիւռքը բաւական իրազեկ է Հայաստանի անցուդարձերէն, մինչ հակառակ կողմէն բաւական թերացում կայ։ Հայաստանի քաղաքացիներ բաւականաչափ լաւատեղեակ չեն պատմական հարուստ անցեալ եւ վաստակաշատ ներկայ ունեցող Սփիւռքի իրենց համայնքներէն։ Հետեւաբար, կ’ենթադրեմ որ Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ այս բացը մեղմացնելու եւ աւելի սերտ կապեր հաստատելու համար Սփիւռքի այս հայութեամբ շնչող ու Հայաստանի կարօտախտով ապրող գաղութին հետ, ինչպէս նաեւ փորձառութեան փոխանակում։

bottom of page